image

Ռուսական ընկերութիւններ պատրաստ են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքին

Ռուսական ընկերութիւններ պատրաստ են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքին

 Դամասկոս հրաւիրած է ռուսական ընկերութիւններ, ներառեալ՝ քարիւղի եւ կազի բնագաւառներու մեծագոյն ընկերութիւնները, մասնակցելու համար Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն. այս մասին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ուսամա Մուսթաֆա: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:

Մուսթաֆայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս շաբաթ Ռուսիոյ մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ռուսական պետական պաշտօնատարներու եւ ընկերութեանց ներկայացուցիչներու հետ՝ քննելով Սուրիոյ վերականգնման ծիրին մէջ անոնց հետ գործակցելու կարելիութիւնները: