image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպցի պատանիին ողբերգական մահը.

Հալէպցի  պատանիին ողբերգական մահը.

  Ծանր պայմաններու տակ     Հալէպի մէջ մահացած է   Ֆութպոլի մարզիկ եւ  Ալ-Իթթիհատ  ակումբի    անդամ  ՝ Ապտ Ալ-Քատէր Հասիրոն:

 

Ինչպէս կը պատմէ Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող էջը,    պատանին  մահացած է Հալէպի պետական հիւնադանոցի կողմէ եղած բացթողումի պատճառով, որ մերժած էր  պատանին   ընդունիլ  հիւանդանոցի «վերակենդանացման բաժանմունք»:  Աւելի ուշ    պրզ դարձած է , որ պատանիին մահուան պատճառ եղած է կաթուածը՝ որ պատահած էր ոտքէն ստացած վնասուածքի պատճառով:

 

 Պատանիին  ընտանիքի անդամներէն մէկուն հաղորդմամբ, Ապտ Ալ-Քատէր 2 օր առաջ Հալէպի փոքր դաշտերէն մէկուն մէջ թաղային խումբերու հետ ֆութպոլի մրցումի ժամանակ ոտքը վնասած է: Ծնողները    զինք  փոխադրած  են  Հալէպի համալսարանի հիւանդանոց, վախնալով, որ կտրուածք յառաջացած կրնայ ըլլալ, սակայն տեղւոյն բժիշկը նկարելէ ետք ոտքը, հաստատած էր, որ ոչ մէկ լուրջ կտրուածք չկայ, ոտքը  վիրաակապած  եւ  ետ տուն ուղարկած  զինք:

 

Սակայն Ապտ Ալ-քատէր երկու օր շարունակ ոտքի հատուածին ցաւ զգացած է, եւ   երէկ  առաւօտ, անոր ծնողներ   ստիպուած եղած  են   պատանին   տեղափոխել Հալէպի   բժշկական համալսարանի հիւանդանոց: Բժիշկները նկատած են,  որ        ստացած  հարուածին  հետեւանքով Ապտըլ Քատէրի  մօտ  արեան  խցանում  նկատուած է, բան մը որ  աւելի ուշ  պատճառ  դարձած է սրտի  կաթուածի:

 

 

«Ապտ Ալ-Քատէրի ծնողները  իրենց  զաւակը  շալկած հիւանդանոցին մէջ բժիշկէ բժիշկ վազելով,  աղերսած են պատանին           «վերակենդանացման բաժին»      փոխադրել,  սակայն հիւանդանոցի պատասխանատուներու պատասխանը եղած է,   հոն  ազատ տեղ չկայ», - պատմած է ընտանիքի անդամներէն մէկը: