image
Հրատապ լուրեր:

Սուզան Նաժմ Ալ Տին ՝ «խաղաղութեան դեսպան»

Սուզան Նաժմ Ալ Տին ՝ «խաղաղութեան դեսպան»

«Հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան կազմակերպութիւն»ը սուրիացի դերասանուհի Սուզան Նաժմ ալ տինը ընտրած է որպէս 2017-ի հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան դեսպան:

 

Սուրիացի դերասանուհին յատուկ հրաւէր ստացած է`մասնակցելու 9-րդ միջազգային համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 նոյեմբերին, Գահիրէի Ալ-Նիլ Ռիթզ Քարըլթոն հիւրանոցին մէջ:

Հանդիսութեան, 12 արաբական, ափրիկեան եւ եւրոպական երկիրներու շարք մը նախարարներու, դեսպաններու, ինչպէս նաեւ խումբ մը արուեստագէտներու եւ հասարակական գործիչներու ներկայութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Նաժմ Ալ Տինի պարգեւատրումը:

 

«Ալ-Ֆանն» կայքի համաձայն, «Հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան կազմակերպութեան» ղեկավար՝ Դոկտ. Համտի Քանտիլ ըսած է. «Մեծ եւ յայտնի աստղ Սուզան նաժմ Ալ Տինի, մեր 2017-ի դեսպանը դարձնելու ընտրութիւնը կատարեցինք , նկատի ունենալով անոր գործադրած ջանքերը՝ խաղաղութեան, հանդուրժողականութեան, ազգերու եւ կրօններու միջեւ խաղաղ կենակցութեան մշակոյթի տարածման ուղղութեամբ, իր  ֆիլմերուն, տեսաշարերուն, հանդիպումներուն եւ  յայտարարութիւններուն միջոցաւ»:

 

Ան աւելցուցած է.«Մենք հետեւեցանք Նաճմըտտինի գործերուն աւելի քան մէկ տարի, եւ պարզուեցաւ, որ անոր բոլոր գործերը կոչ կ'ընեն բարութեան, համախմբուածութեան, ազգի միասնութեան եւ ժողովուրդի մէջ սիրոյ տարածման»: