Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները մօտեցած են աւարտին: Այս մասին կը տեղեկանանք ճեմարանի ֆէյսպուքեան էջէն:
Ինչպէս «Արեւելք» նախապէս հաղորդած էր, «Կիլիկեան» վարժարանի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առած էին օգոստոս 2017-ին: Աշխատանքները պիտի կեդրոնանային յատկապէս վարժարանի երկրորդական բաժնի մասնաշէնքին վրայ:
Նշենք, որ «Կիլիկեան» վարժարանը հիմնուած է 1921 թուականին, եւ այն կը համարուի յետ եղեռնեան շրջանին Հալէպի մէջ հիմնադրուած առաջին վարժարանը:
Դպրոցը կը բաղկանայ երեք շէնքերէ ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական: Դպրոցը, ըլլալլով բախումներու գիծին մօտիկ շրջանի մը մէջ կը համարուի պատերազմին հետեւանքով ամէնէն շատ վնասուած վարժարանը:
Ծանր վնասներ կրած են Մանկապարտէզի եւ Երկրորդականի մասնաշէնքերը, մինչ նախակրթարանի շէնքը ամբողջութեամբ աւերակուած է:
Յիշեցնենք, որ Հալէպը հարուածող պատերազմի ամբողջ տեւողութեան «Կիլիկեան»ը չփակեց իր դռները: Դպրոցի պատասխանատուները ապահովական ծանր պայմաններուն հետեւանքով յարմար համարեցին դասաւանդութիւնները շարունակել «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան յարկին տակ, որուն գտնուած շրջանը համեմատած «Կիլիկեան» վարժարանի շրջանին կը համարուրէր աւելի ապահով շրջան մը: