image

Նատէժտա Պենքլեան Վրաստանի մէջ առաջին եւ միակ կին հայ օդաչուն (Լուսանկար)

Նատէժտա Պենքլեան Վրաստանի մէջ առաջին եւ միակ կին  հայ օդաչուն (Լուսանկար)

25 տարեկան Նատեժտա (Նատիա) Պենքլեան Վրաստանի առաջին կին օդաչուն է։ Ան ամիսներ առաջ սկսած է աշխատիլ վրացական «Georgian Airways» օդանաւային ընկերութեան մէջ :

 

«Սփութնիք» կայքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, Պենքլեան նշած է, որ իր հայրը նոյնպէս օդաչու եղած է եւ ինք մանկութենէն շփման մէջ եղած է այս ոլորտն հետ, ապրելով օդակայանի մօտ գտնուող աւանին մէջ (Թիֆլիսի ծայրամասը)։ «Ես մշտապէս կը տեսնէի, թէ ինչպէս օդ կը բարձրանան եւ վայրէջք կը կատարեն օդանաւերը,բայց օդաչու դառնալու ցանկութիւն չունէի, որովհետեւ առջեւս օրինակ չկար, նկատի ունիմ` կնոջ օրինակ»։

 


 

Ինչպէս պատմած է Նատիա, 15 տարեկանին առաջին անգամ հօրը հետ երկինք բարձրացած է, եւ շատ սիրած է, ու «այդ պահուն իմ մօտ միտք յղացաւ` ինչո՞ւ

օդաչու  չդառնալ»:

 

Ան խօսելով իր կատարած առաջին թռիչքէն ստացած տպաւորութիւններուն մասին, ըսած է «անհնար է տպաւորութիւններս փոխանցել,  որեւէ բանի հետ համեմատել կարելի չէ։ Ես չէի հաւատար, որ այն իսկապէս ինծի հետ կը կատարուի։ Աննկարագրելի զգացողութիւններ ունեցայ»: