image

Վանայ լիճի մէջ յայտնաբերուած է 3000 տարուան ուրարտական ամրոց (Լուսանկարներ) (Տեսանիւթ)

Վանայ լիճի մէջ յայտնաբերուած է 3000 տարուան ուրարտական ամրոց (Լուսանկարներ) (Տեսանիւթ)

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Վանայ լիճի յատակին շուրջ 3000 տարուայ պատմութիւն ունեցող պատմական ամրոց յայտնաբերուած է, այս մասին «tert.am»ի հաղորդմամաբ, կը տեղեկացնէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:

Վանի «Եուզունճու եըլ» համալսարանի ջրային հետազօտութիւններու բաժնի դասախօս, փրոֆեսոր Մուսթաֆա Ակքուշ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ յայտնաբերուած ամրոցը կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին:

Ըստ թուրք փրոֆեսորի, շուրջ 600 000 տարուայ պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճի մակարդակը պատմական որոշակի ժամանակահատուածի իջած է, ինչի արդիւնքով մարդիկ ջուրի ափին հիմնուելով, այստեղ կառուցած են տարբեր շինութիւններ: Սակայն աւելի ուշ, երբ ջուրի մակարդակը նորէն բարձրացած է, բնակչութիւնը այս շրջանէն ետ քաշուած է, իսկ անոնց թողած քաղաքակրթական հետքերը մնացած են ջուրի տակ:

Ան նաեւ աւելացուցած է, որ քանի որ Վանայ լիճի ջուրը աղի է, ամրոցի պատերը հիանալի կերպով պապհպանուած են ջուրի տակ եւ բոլորովին չեն վնասուած:

Նշենք, որ աւելի վաղ Վանայ լիճի յատակին «Աղթամարի բեռնատար» անուանով նաւ յայտնաբերուած էր: Յայտնի է, որ նաւը ռուսներու կողմէն ապսպրուած էր եւ 1915-ի մօտերը, եւ կառուցուած էր այն ժամանակ Ռուսական կայսրութեան սահմաններէն ներս գտնուող պատմական հայկական Արճեշի շրջանի նաւաշինարարներու կողմէն: Ռուսական զօրքերու ետ քաշուելէն ետք նաւը օգտագործած են թուրքերը, եւ մինչև 1958-ի խորտակումը նաւը ծառայած է որպէս բեռնափոխադրման միջոց: 

 








Van Gölü'nde 3 bin yıllık kale bulundu

 

Van Gölü'nde 3 bin yıllık kale bulundu



Van Gölü'nde 3 bin yıllık kale bulundu



Van Gölü'nde 3 bin yıllık kale bulundu