Երէկ՝ 12 նոյեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը 22:18-ին (Կրինիչի ժամանակով` 18:18-ին) Իրաք Իրան սահմանին տեղի ունեցած է 7.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Երկրաշարժը արձանագրոած է Հայաստանի հարաւային եւ կեդրոնական հատուածին մէջ` 3 աստիճան ուժգնութեամբ:
Իրանի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 210-ի իսկ վիրաւորներունը՝ 2505-ի, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»-ը:
Կարմիր մահիկը յայտնած է, որ մօտ 70 հազար իրանցիներ առանց տանիքի մնացած են եւ ժամանակաւոր կացարանի կարիք ունին: Իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցները տուժածներուն օգնելու համար:
Իրաքի մէջ արձանագրուած է 6 զոհ։