image
Հրատապ լուրեր:

Հեռատեսիլի «շէկ ոստրէ»ն Ռուսաստանի նախագահական թեկնածո՞ւ

Հեռատեսիլի «շէկ ոստրէ»ն Ռուսաստանի  նախագահական  թեկնածո՞ւ

Ռուս հաղորդավար Քսինիա Սոփչաք յայտարարած է, որ կը պատրաստուի 2018 թուականին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը ներկայացնել, կը գրէ «Ալ Տիար»:

 

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Սոփչաք «Ֆետոմոսթի» թերթին նամակ յղած է, ուր կ'ըսէ. «Ես՝ Քսինիա Սոփչաքս, 35 տարեկան եմ, ամբողջ կեանքս ապրած եւ գործած եմ Ռուսիոյ մէջ, եւ շատ մտահոգ եմ երկրիս ապագայով: Բարձր պատասխանատուութեան զգացումով կը մօտենամ հասարակական ոլորտին վերաբերող որեւէ նախագիծի, եւ ուսումնասիրելով սոյն պարտականութեան բոլոր վտանգներն ու դժուարութիւնները, որոշեցի, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցիլս նախաքայլ պիտի ըլլայ մեր երկիրը անհրաժեշտ բարեփոխումներու առաջնորդող ճանապարհին»:

 

Հաղորդավարը կարծիք յայտնած է նաեւ, որ իր թեկնածութիւնը օգուտ պիտի բերէ թէ' ընդդիմութեան, թէ' ամողջ ժողովուրդին:

 

Նշենք, որ Քսինիա Սոփչաք դուստրն է Սէյթ Փեթերսպուրկի նախկին ղեկավարին, որուն պաշտօնավարման տարիներուն՝ 90-ականներու սկիզբը անոր խորհրդականը Վլատիմիր Փութին էր:

 

Յիշենք նաեւ, որ Քսինիա Սոփչաք ընդդիմադիր «Տոտճ» կայանի հաղորդավարներէն է, եւ գիտական երեկոներու ժամանակ մշտապէս լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոն եղած է: