image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի նահանագպետը այցելած է քաղաքի կարգ մը վարժարանները

Հալէպի նահանագպետը այցելած է քաղաքի կարգ մը վարժարանները

Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապ, «Պաաս» կուսկացութեան մասնաճիւղի քարտուղար Ֆատէլ Նաժժարի հետ, երէկ, շարք մը դպրոցներ այցելած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է Հալէպի մասին լուրեր ներկայացնող դիմատետրի էջը նշելով, որ այցելութիւնը կեդրոնացած է Համատանիյէ  շրջանին մէջ:

 

Աղբիւրը կը նշէ, որ նահանգապետը ստուգած է ուսումնական գործընթացի ընթացքը, զրուցած է ուսուցչական կազմի եւ աշակերտութեան հետ, եւ լսած անոնց նկատողութիւններն ու դժգոհութիւնները, ընդգծելով, որ ամբողջական կերպով պիտի ապահովուի կրթական գործընթացի պահանջները: Ան նաեւ շեշտած է, որ դպրոցներու յարակից շրջաններն ու փողոցները պիտի վերականգնուին ու մաքրուին, ապահովելու համար աշակերտութեան եւ ուսուցիչներու յարմարաւէտ եւ անվտանգ երթեւեկութիւնը: