image

AKP-ականը քննադատած է Ատրպէյճանի դէմ քուէարկած թուրք պատգամաւորները

AKP-ականը քննադատած է Ատրպէյճանի դէմ քուէարկած թուրք պատգամաւորները

Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP) Ատանայի պատգամաւոր Նէճտէթ Ունուվարը դժգոհութիւնն յայտնած է, որ երկրի ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) 3 պատգամաւորներ ԵԽԽՎ-ի մէջ ընդունուած 2 հակաատրպէյճանական բանաձեւերէն մէկուն օգտին  կողմ քուէարկած են:

 

Միջանկեալ նշենք, որ 11 հոկտեմբերին ԵԽԽՎ-ի մէջ ընդունուած էր 2 հակաատրպէյճանական բանաձեւ: Անոնցմէ մէկը «Ատրպէյճանի մէջ դեմոկրատական հիմնարկներու գործունէութիւնը» խորագրով  բանաձեւն էր, որու ընդունման օգտին քուէարկած են թուրք պատգամաւորները (Տէնիզ Պայքալ, Կիւլսուն Պիլկեահան եւ Իլհան Քեսիչի):

 

Ըստ թրքական «Timeturk»-ի, թուրք պատգամաւորը պնդելով, որ Ատրպէյճանի մէջ տնտեսական, ընկերային եւ ժողովրդավարութեան մակարդակը աճած է, դատապարտած է CHP-ի պատգամաւորներուն եւ տեղի ունեցածը համարած է մտահոգիչ երեւոյթ:

 

Պատգամաւորը շեշտած է, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ իրար հետ կը համագործակցին եւ տեղի ունեցածը մտահոգիչ է:  Անոր խօսքերով՝ այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները հիանալի են եւ այդ հիանալի յարաբերութիւններուն մէջ մեծ դեր կը խաղան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու գործադրած ջանքերը:

 

Ան շեշտած է, որ Ատրպէյճանի դէմ քուէարկածներու այդ դիրքորոշումը երբեք չի վնասեր  երկու երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւններուն: Մէկ անգամ եւս կրկնած է թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնը խորհրդանշող «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն հանդիսացող Թուրքիա» արտայայտութիւնը: