image

«Ալ Ճազիրա» կայանի թուիթըրեան էջը փակուած

«Ալ Ճազիրա» կայանի թուիթըրեան էջը փակուած

Օրերս լուրեր տարածուած են, որ Քաթարի մէջ գոծող «Ալ Ճազիրա» կայանի թուիթըրեան պաշտօնական էջը փակուած է, կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, կայանի պաշտօնական էջը փակ է 17 Յունիսէն ի վեր, որուն որպէս պատճառ կայքէջը նշած է, որ օգտատէրը ոտնահարած է կայքի կանոնները:

Նշենք, որ «Ալ Ճազիրա»ի թուիթըրեան այլ էջեր տակաւին բնական կերպով կը գործեն, եւ անոնց վրայ չէ տարածուած փակման որոշումը: