image

Գերմանիա 4 միլիոն եւրոյի զէնք վաճառած է Թուրքիոյ

Գերմանիա 4 միլիոն եւրոյի զէնք վաճառած է Թուրքիոյ

Գերմանիան վերջին 10 շաբաթներու ընթացքին Թուրքիոյ 4 միլիոն եւրոյի զէնք վաճառած է: Թրքական «Gazeteduvar» թերթի տեղեկացմամբ՝ հակառակ Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ ժամանակ առ ժամանակ առաջացող քաղաքական լարուածութեան, Գերմանիան կը շարունակէ զէնք վաճառել Թուրքիոյ: Ըստ աղբիւրի՝ Գերմանիոյ կառավարութենէն տեղեկութիւն տրամադրած են 2017 թուականի 1 օգոստոսէն 8 հոկտեմբերը ինկած ժամանակահատուածին Թուրքիոյ վաճառուած զէնքի մասին Ըստ այդ տուեալներուն, արտահանուած զէնքին մեծ մասը (2 միլիոն 800 հազար եւրօ) կը կազմեն օդային պաշտպանութեան զէնքերը: Նշենք, որ 2016 թուականին Գերմանիան Թուրքիոյ վաճառած է 83 միլիոն 93 հազար եւրոյի զէնք: Այս տարի զէնքի արտահանումը 2 անգամ նուազած է:   Մեծ աճ  արձանագրած է Գերմանիոյ մէջ ապսատան ստացած Թուրքիոյ քաղաքացիներուն թիւը 2017 թուականին Գերմանիան բաւարարած է ապաստան   խնդրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու դիմումներու 24.6%-ը:

   Կը նշուի, որ 2016-ին բաւարարուած է Գերմանիայէն ապաստանխնդրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու դիմումներուն  6.6%-ը միայն: Թրքական «Diken.com.tr» լրատուական կայքը, յղում ընելով«Deutsche Welle»-ի թրքական ծառայութեան, կը նշէ, որ այստուեալները ներկայացուցած է Գերմանիոյ կառավարութիւնը՝ի պատասխան «Ձախակողմեան կուսակցութեան»հարցապնդման: Ըստ ներկայացուած տուեալներուն՝ 2017-ին մօտ 4 անգամաւելցած է ապաստան ստանալու հարցով Գերմանիայէնդրական պատասխան ստացած Թուրքիոյ քաղաքացիներունթիւը: Կը նշուի, որ դրական պատասխան ստացողներու տոկոսնառաւել շատ մեծցած է 2017-ի սեպտեմբերին. Բաւարարուած է դիմումներու 36.65-ը