image

Վալանս. Հայկական տարազներու մասին դասախօսութիւն

Վալանս. Հայկական  տարազներու մասին  դասախօսութիւն

Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբերին Վալանսի Հայ մշակոյթի տունը կազմակերպեց «Հայկական ազգային տարազներ» խորագրով զրոյց-դասախօսութիւն մը, ընկերակցութեամբ՝ նկարներու ցուցադրութեան մը։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պուռ-լէ-Վալանսի «Շընըվիէ» սրահին մէջ:
Երեկոյթը վարեց Աշոտ Համբարձումեան՝ վաստակաւոր արուեստագէտ, նկարիչ, ուսուցիչ թատերական նկարազարդումներու, մշակութային ձեռնարկներու ղեկավար, տարազներու եւ գիրքերու հեղինակ: Ան Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած էր, Գայիանէ Աւագեանի միջնորդութեամբ:
Այս նիւթին առընչուող գեղեցիկ ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի Փետրուարին, Վալանսի Հայ մշակոյթի տան մէջ, քանի մը շաբաթներու երկայնքին:
Սոյն դասախօսութեան ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ հայ համայնքի պատասխանատու դէմքեր, որոնք սիրով ընդունած էին մշակոյթի տան նախագահ Նազօ Ճինպաշեանի հրաւէրը:
Վերջինս, բարի գալստեան եւ շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք անդրադառնալով ոմանց տրտունջին, թէ միայն 40 հոգի ներկայ է, ըսաւ թէ իրենց նպատակն է կազմակերպել մշակութային նման ձեռնարկներ քաջալերելու եւ տարածելու համար հայկական պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Ապա տեղի ունեցաւ զրոյցը Աշոտ Համբարձումեանի հետ, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ: Ներկաները սիրով ընդառաջեցին առաջարկուած խաղին. իրենց գլուխները անցուցին հայկական գեղջկական տարազներով անձեր ներկայացնող պաստառներու մէջ ու նկարուելով՝ այս երեկոյթէն գեղեցիկ յիշատակ մը պահպանելու առիթը ունեցան: Արդէն մտերմիկ մթնոլորտը ա՛լ աւելի ջերմացաւ, երբ զուարճալի պահեր ապրուեցան որոշ մասնակիցներու՝ ցուցադրուած հագուստները փորձելու պահուն:

 

 Լուրը ՝ «Նոր Յառաջ»էն