image

Թուրքիա. Գործող արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է 3 ամսով

Թուրքիա. Գործող արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է 3 ամսով

16 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք կառավարութեան խօսնակ Պէքիր Պոզտաղ յայտարարած է ընդունուած որոշումներու մասին:

 

«Sputnik»-ի թրքական ծառայութեան տեղեկացմամբ, Պոզտաղ ըսած է, որ ազգային անվտանգութեան խորհուդի նիստի ժամանակ որոշում կայացուած է 3 ամիսով  երկարաձգել Թուրքիոյ մէջ գործող արտակարգ դրութիւնը, ինչպէս նաեւ փակել իրաքեան Քիւրտիստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ օդային սահմանը:

 

Պոզտաղի խօսքերով արտակարգ դրութեան երկարաձգման մասին որոշումը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հաստատման:

 

Անդրադառնալով իրաքեան Քիւրտիստանի հետ օդային սահմանը փակելու վերաբերեալ որոշման, Պոզտաղ նշած է, որ այսուհետեւ ոչ մէկ օդանաւ չի կրնար Թուրքիոյ օդային սահմանը օգտագոծել Քիւրտիստան մեկնելու համար: Միեւնոյն ժամանակ ոչ մէկ օդանաւ Քիւրտիստանէն  Թուրքիա չի կրնար մեկնիլ: