image

Համշէնցիներ կը պայքարին մայրենի լեզուն պահպանելու համար

Համշէնցիներ կը պայքարին մայրենի լեզուն պահպանելու համար

Թուրքիոյ համշէնահայերուն համար   մեծ  կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իրենց մայրենի լեզուին պաշտպանութեան խնդիրը: Այս մասին գրած է թրքական jinnews.com.tr կայքը, որխօսած է համշենցի հայերու HADİG միութեան անդամ, համշենահայ աքթիւիսթ Էլիֆ Ալթունքայան: Համշենահայ աքթիւիսթին խօսքով ընկերային պայմաններու հետեւանքով գիւղերէն հեռացող համշենցիներուն  մօտ մայրենին էական նահանջ ապրած է, ինչը մտահոգիչ է:

 

Ըստ ethonologue.com կայքի՝  տարբեր մշակոյթներու, ցեղերու եւ կրօններու երկիր հանդիսացող Թուրքիոյ մէջ այսօր  կը խօսուի 36 լեզու:

 

UNESCO-ի կողմէ վերացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին դասուած Համշէնի հայկական բարբառը նոր սերունդին փոխանցելու համար աշխատանքներ ծաւալող HADİG միութեան անդամ Ալթունքայան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ այն փաստի վրայ, որ համշենցիներու շրջանին մայրենին աւելի շատ կ'օգտագործեն կանայք, մինչդեռ տղամարդիկ յաճախ կը նախընտրեն իրար հետ թրքերէն խօսիլ: