image

Պոլսոյ մէջ եղած խօսքի ազատութեան սահմանափակումները զիս շատ կը զայրացնեն. Օրհան Փամուք

Պոլսոյ մէջ եղած խօսքի ազատութեան սահմանափակումները զիս շատ կը զայրացնեն. Օրհան Փամուք

Թուրք յայտնի գրող, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք իտալական La Stampa պարբերականի հետ զրոյցին անկեղծացած է, թէ ինչու երբեմն գաղտնի կը մեկնի Թուրքիա:

«Շատ ուշադրութիւն չգրաւելու համար կը նախընտրեմ անձայն երթալ», - ըսած է ան,  խօսելով իր նոր՝ Պոլսոյ հին լուսանկարներով ու քաղաքի պատկերներով յագեցած «Պոլիս. յիշողութիւններ եւ քաղաք» գիրքին  մասին, որ հրատարակուած է Իտալիոյ մէջ:

Ըստ Փամուքի՝ Պոլիսը վերջին 15 տարիներուն զգալի բացասական ազդեցութիւն կրած է. դարձած է աւելի հարուստ, սակայն  նուազ  ազատ քաղաք:

«Երկար ժամանակ է կը հաւաքեմ Պոլսոյ հին լուսանկարները: Չեմ գիտեր, թէ ինչու կ'ընեմ այդ: Թերեւս այն պատճառով, որ այդ հին ժամանակներէն մնացած միակ բանն է: Մարդ այդպիսին է. Կ'ոչնչացնէ, յետոյ կ'իյնայ յիշողութիւններու գիրկը», - ըսած է Փամուք:

Քոլումպիա համալսարանէն ներս դասաւանդող եւ երկար ժամանակ Նիւ Եորքի մէջ ապրող թուրք գրողը  ափսոսանք յայտնած է յատկապէս Պոլսոյ հին, իր համար շատ սիրելի փայտեայ տուներու քանդման համար:

«Միշտ ալ իմ տունն է: Եթէ ձեր տունը ինչ-որ փոփոխութենէ անցնի, միեւնոյնն է՝ այն ձեր տունն է եւ ոչինչ չի կրնար փոխել այդ փաստը: Եւ մի՛ մոռնաք, որ Պոլսոյ բնակիչներու 50 տոկոսէն աւելին դէմ քուէարկած  են  Էրտողանին: Այսինքն՝ միայն ես չեմ, որ այսպէս կը մտածում», - ըսած է ամերիկաբնակ թուրք գրողը:

Լրագրողի այն նկատառմանը, թէ երկու տարբեր աշխարհներու՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, իսլամի եւ քրիստոնէութեան միջեւ գտնուող եւ կամուրջ հանդիսացող Պոլիսը այժմ ալ կը գտնուի պատմական շատ կարեւոր իրադարձութիւններու կիզակէտին, Փամուքը պատասխանած է. «Ես չեմ ուզեր կամուրջ ըլլալ, ես վճռականօրէն կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ ապագան կապուած է Արեւմուտքի հետ, այդ համոզմունքով մեծցած եմ: Թուրքիոյ մէջ ես ստացած եմ արեւմտեան, աշխարհիկ, ազատ կրթութիւն: Այսօր այնտեղ եղած խօսքի ազատութեան սահմանափակումները  զիս  շատ կը զայրացնեն»: