image
Հրատապ լուրեր:

Առաջին արաբուհին, որ ներգրաւուեցաւ WWE-ի մրցումներուն. Ո՞վ է ան (Լուսանկար)

Առաջին արաբուհին, որ ներգրաւուեցաւ WWE-ի մրցումներուն. Ո՞վ է ան (Լուսանկար)

Յորդանանցի երիտասարդուհի՝ Շատիա Պսիսո անդամ դարձած է ազատ ըմբշամարտի ոճի միջազգային կազմակերպութեան եւ պիտի մասնակցի կազմակերպութեան հովանաւորած մրցումներուն: WWE-ն, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի ամերիկեան Օրլանտոյի մէջ, յատուկ վկայագիր մը ուղղարկած է Պսիսոյին, յայտնելով իր հաւանութիւնը վերջինս ունեցած ֆիզիքական կարողութեանց  վերաբերեալ:


WWE-ի կայքը  նաեւ կը հաղորդէ, որ այս ընթացքով Պսիսո կը դառնայ այն առաջին արաբուհին, որ մաս կը կազմէ համաշխարհային հեղինակութիւն ունեցող մարզական կազմակերպութեան: Նախքան ազատ ըմբշամարտի ոճին մէջ իր մասնագիտացումը, Շատիա երեւելի ունակութիւններ ձեռք ձգած է տարբեր մարզաձեւերու մէջ:

 



Ըստ լիբանանեան LBCI կայանին, Շատիա WWE -ի անդամ դարձած է Միջին Արեւելքէն եւ Հնդկաստանէն ներկայացուցած քառասունէ աւելի յայտերուն մէջ  լաւագոյն արդիւնքներ գրանցելէ ետք: