image

Բոռնոկրաֆիք ֆիլմերէն անցում նոր ասպարէզի. Մայա Խալիֆէ կը պատմէ ...

Բոռնոկրաֆիք ֆիլմերէն անցում նոր ասպարէզի. Մայա Խալիֆէ կը պատմէ ...

Բոռնոկրաֆիք ֆիլմերու լիբանանցի  դերասանուհի Մայա Խալիֆէ 2015 թուականին յայտարարած էր, որ պիտի հրաժարի այս ասպարէզէն, խոստանալով կրկին վերադառնալ  եւ հանրութեան  որոշի   խաւի  մը մօտ   զայրոյթ     յառաջացնել:

 Այս մասին կը գրէ  «Ալ Տիար»ը նշելով,  որ 2014 թուականին Արաբական աշխարհի մէջ Խալիֆայի դէմ բուռն քննադատութիւններու ալիք բարձրացած էր՝ բոռնոկրաֆիք ֆիլմերու մէջ նկարահանուելուն պատճառով, սակայն վերջինս 2015 թուականին յայտարարած էր, որ հրաժարած է եւ «աւելի շնորհքով» աշխատանքի անցած է:

 Վերջերս  Մայա Խալիֆէյի անունը դարձեալ քննարկումներու առարկայ դարձած է լրատուամիջոցներուն կողմէ այն բանէն ետք, երբ ան յայտարարած է, թէ հանդէս պիտի գայ առողջապահական հարցեր արծարծող ամերիկեան «Complex» ամսագրին պատկանող եութուպեան կայանէն, որպէս մարզական հաղորդավար:

«Out Bounds» մարզական հաղորդման առաջին սփռումը նախատեսուած է 16 Հոկտեմբերին, որուն թեման, ըստ բրիտանական «Mirror» թերթին, պիտի ըլլայ մարզանքի մշակութային ազդեցութիւնը հասարակութեան վրայ: Խալիֆային հետ հաղորդումը պիտի վարէ ամերիկեան «NBA» խումբի նախկին պասքէթպոլիստ Կիլպէրթ Արինաս:

Մասնագիտութեամբ պատմագէտ Մայա Խալիֆէ անդրադառնալով իր նոր աշխատանքին նախ նշած է, որ ինք երախտապարտ է «Complex» ամսագրին, նման հնարաւորութեան համար:

«Ֆիլմերու մէջ նկարահանուիլը կեանքիս այն շրջանին էր, երբ ապստամբութեան վիճակի մէջ էի: Այդ ասպարէզն ինծի յարմար չէր, իսկ հիմա, առաւել հասուն եւ գիտակից եմ, եւ կը փորձեմ անձս դուրս բերել այս ամէն ինչէն»:

Միա պատմած է նաեւ իր ծնողներուն մասին, որոնք իր ընտրած ասպարէզին պատճառով կապը խզած են իր հետ. «Ես զիրենք նուաստացուցի եւ յանցաւոր կը զգամ: Լիբանանեան բոլոր լրատուամիջոցներն անդրադարձան իմ կատարածիս, որուն հետեւանքով ալ ծնողներուս բոլոր բարեկամները տեղեկացան: Ես նման բան չէի ուզեր, որ կատարուի»: