image
Հրատապ լուրեր:

«Առասպելական հարսանիք». Գերմանացի իշխանի հարսը հագած էր լիբանանցի Սանտրա Մանսուրի յղացած զգեստը

«Առասպելական հարսանիք». Գերմանացի իշխանի հարսը հագած էր լիբանանցի Սանտրա Մանսուրի յղացած զգեստը

«Vogue» ամսագիրը գրած է Թագաւոր Ալպրեխթի աւագ եւ միակ որդիին՝ իշխան Ֆէրնանտէզ Ալպրէխթի «առասպելական հարսանիք»ին մասին: Իշխանը ամուսնացած է գերմանուհի Քլէօ Վոն Ալտհըմի հետ, Պավարիոյ մէջ:


800 հրաւիրեալներով եղած հարսանիքի տօնակատարութեան յաջորդած է գիշերային խրախճանքը, որ տեղի ունեցած է Օթինկըն պալատին մէջ, որու ընթացքին աչքի ինկած էր հարսին գեղեցիկ զգեստը: 

 

Պարբերականը կը նշէ, որ իշխանուհի Քլէոյի երեկոյեան զգեստի ձեւաւորողը անոր բարեկամուհի լիբանանցի Սանտրա Մանսուրն էր: Կը նշուի նաեւ, որ զգեստը մշակուած է ժանեակովներով,  Օրկանզա ծաղիկի նուրբ հիւսուածքով  եւ ադամանդեայ քարերով ու մարգարիտներով: