Սեպուհ եւ Անի Հաւաթեաններ բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը ՝ Շանթ:
Նշենք, որ Շանթ բախտաւոր ծնողներու երկրորդ մանչ որդին է, իսկ առջինեկը կը կոչուի Շահան: «Արեւելք» այս առթիւ կը կիսէ այնճարցի Հաւաթեաններու ուրախութիւնը, մաղթելով փոքրիկն Շանթին, երջանիկ եւ բախտաւոր օրեր:
Մեզի համար իւրաքանչիւր հայորդիի ծնունդ գերագոյն ուրախութիւն է, ալ ուր մնաց երբ նորածինը հերոսական Մուսա Տաղի աւանդներուն կրողն է եւ կը կոչուի Շանթ: