Հայ-սուրիական խորհրդարանական բարեկամութեան միութեան անդամները Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայ Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներուն հետ:Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ հանրապետութեան խորհրդարանի պաշտօնաան կայքէջէն:
Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմած են Դոկտ. Նորա Արիսեան, Հասան Ալ-Մասլաթ, Սամիր Հաժժար, հանդիպում ունեցած են Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանին հետ: Տ. Արմաշ սրբազան ողջունած էր նման միութեան մը կազմութիւնը եւ բարձր գնահատած խորհրդարանականներու դերը՝ երկկողմ յարաբերութիւններու խթանման եւ զարգացման ուղղութեամբ: Ան շեշտած է, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները մեծ առանձնայատկութիւն ունին եւ երկու երկիրներու ղեկավարութեան կողմէ յատուկ ուշադրութեանն կ'արժանանան: Սրբազանը ընդգծած է նաեւ սուրիահայերու դերը՝ Սուրիոյ կառուցման եւ բարգաւաճման գործին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը պատուիրակութեան ներկայացուցած է նաեւ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին իր ղեկավարած օժանդակութեան մարմնին տարած աշխատանքները:
Իր հերթին, յանձնաժողովի անդամները խօսած են բարեկամութեան միութեան գործունէութեան եւ պարտաանութիւններու մասին, ընդգծելով Հայատանի՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ կողքին կանգնելու փաստը, եւ հայ-արաբ ժողովուրդներու պատմական բնոյթ ունեցող բարեկամական կապերը: Հանդիպման ներկայ գտուած են Եկեղեցւոյ գործադիր խորհուրդի անդամները:
Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Ճոզէֆ Արնաութ Եպիսկոպոսին եւ Հայր Գէւորգ Պահյանին: