image

Հայ-Սուրիական խորհրդարանական յանձնաժողի անդամները այցելած են Տ. Արմաշ Սրբազանին

Հայ-Սուրիական խորհրդարանական յանձնաժողի անդամները այցելած են  Տ. Արմաշ Սրբազանին

Հայ-սուրիական խորհրդարանական բարեկամութեան միութեան անդամները Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայ Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներուն հետ:Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրիոյ հանրապետութեան խորհրդարանի պաշտօնաան կայքէջէն:

 

Պատուիրակութիւնը, որուն մաս  կազմած են  Դոկտ. Նորա Արիսեան, Հասան Ալ-Մասլաթ, Սամիր Հաժժար, հանդիպում ունեցած են Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ ԳերշՏԱրմաշ ԵպսՆալպանտեանին հետ: Տ. Արմաշ սրբազան ողջունած էր նման միութեան մը կազմութիւնը եւ բարձր գնահատած խորհրդարանականներու դերը՝ երկկողմ յարաբերութիւններու խթանման եւ զարգացման ուղղութեամբ: Ան շեշտած է, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները մեծ առանձնայատկութիւն ունին եւ երկու երկիրներու ղեկավարութեան կողմէ յատուկ ուշադրութեանն կ'արժանանան:  Սրբազանը ընդգծած է նաեւ սուրիահայերու դերը՝ Սուրիոյ կառուցման եւ բարգաւաճման  գործին  մէջ:

 

Առաջնորդ Սրբազան հայրը պատուիրակութեան ներկայացուցած է նաեւ Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին իր ղեկավարած օժանդակութեան մարմնին տարած աշխատանքները:

 

Իր հերթին, յանձնաժողովի անդամները խօսած են բարեկամութեան միութեան գործունէութեան եւ պարտաանութիւններու մասին, ընդգծելով Հայատանի՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ կողքին կանգնելու փաստը, եւ հայ-արաբ ժողովուրդներու պատմական  բնոյթ  ունեցող բարեկամական կապերը: Հանդիպման ներկայ գտուած են Եկեղեցւոյ գործադիր խորհուրդի անդամները:

 

Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝  Ճոզէֆ Արնաութ  Եպիսկոպոսին  եւ Հայր Գէւորգ Պահյանին: