image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա մէկ գիշերուան մէջ 17 միլիառ տոլար կորսնցուցած է

Թուրքիա մէկ գիշերուան մէջ 17 միլիառ տոլար կորսնցուցած է

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած մուտքի արտօնագրերու ճգնաժամի առաջին իսկ օրը տեղի ունեցած է թրքական լիրայի կտրուկ արժեզրկում, որուն հետեւանքով Թուրքիոյ տնտեսութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին ունեցած է մօտ 63 միլիառ լիրայի (17 միլիառ տոլար) կորուստ:

Այսպիսի տուեալներ հրապարակուած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) տնտեսական գիծով փոխնախագահ Այքութ Էրտողտուի զեկոյցին մէջ:

Թրքական «Gazeteduvar.com.tr» լրատուական կայքի հաղորդմամբ, Էրտողտու որոշ մանրամասներ ներկայացուցած է լիրայի ժամերու ընթացքին աւելի քան 3 տոկոսով արժեզրկուելու հետեւանքներուն վերաբերեալ:

Զեկոյցին համաձայն, տնտեսութեան իսկական կորուստը կազմած է 26 միլիառ թրքական լիրա (7.1 միլիառ տոլար):

Պոլսոյ պորսային մէջ գործարքներ կատարող բաց բաժնետիրական ընկերութիւններու ընդհանուր արժեթուղթերու արժէքը միասին ինկած է 23 միլիառ լիրայով (6.2 միլիառ տոլար):

Փոխարժէքի կտրուկ փոփոխութեան հետեւանքով պետութեան ներքին պարտքն աւելցած է 3 միլիառ լիրայով (0.8 միլիառ տոլար), իսկ արտաքին պարտքը՝ 11 միլիառով (3 միլիառ տոլար):