image

Իրաքի թուրքմէնները պատրաստ են Քէրքուքը քիւրտերէն «վերցնել»

Իրաքի թուրքմէնները պատրաստ են Քէրքուքը քիւրտերէն «վերցնել»

Իրաքի շիիթ «Հաշտի Շապի» խմբաւորման կազմին մէջ կռուող թուրքմէններու ջոկատի  հրամանատար Եըլմազ Նէճճար յայտարարած է, որ իրենք թոյլ չեն տար, որ Քէրքուքը մնայ   քիւրտերու ձեռքը:

 

Նշենք, որ ներկայիս նաւթային պաշարներով հարուստ Քէրքուքը կը մտնէ իրաքեան Քիւրտիստանի կազմին մէջ, ուր 25 սեպտեմբերին անկախութեան հանրաքուէ իրականացուեցաւ:

 

Նէճճար Պաղտատի մէջ  թրքական «Dogan haber» գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ, խօսած է իրենց յետագայ ընելիքներուն  եւ նպատակներուն  մասին: Ան  մասնաւորապէս ըսած է, որ Քէրքուքը քիւրտերու ձեռքէն վերցնելու համար իրենք պատրաստ են «արիւն թափել» : Ան  նաեւ  ըսած է, որ Քէրքուքի մէջ  համապատասխան միջոցառումներ ձեռնարկելու հարցով   իրենք բանակցութիններ  կը կայացնեն  Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւններուն  հետ:

 

Խօսելով թուրքմեններու  եւ Թուրքիոյ միջեւ  յարաբերութիւններուն  մասին, ան մասնաւորապէս ըսած է . «Մենք Թուրքիան կը համարենք մեր մերձաւորը, որովհետեւ մենք ալ, իրենք ալ թուրք ենք: Այդ տեսանկիւնէն կ'ակնկալենք անհրաժեշտ օգնութիւն ստանալ: Մասնաւորապէս կ'ուզենք այնպիսի օգնութիւն ստանալ, որմով կարենանք վերահսկողութեան տակ առնել սահմանները: Այստեղի նաւթային պաշարներուն մէջ մենք մեր բաժինը ունինք, սակայն ոչ մէկ բան չենք ստանար: Բնական է, որ մենք օգնութիւն պիտի խնդրենք Թուրքիոյ զինուած ուժերէն»:

Ան նկատած է, որ Իրաքի զինուած ուժերու 12-րդ զօրասիւնը, որ նախապէս տեղակայուած էր Քէրքուքի մէջ, պէտք է նորէն տեղակայուի  իր նախկին տեղը:

Յիշեցնենք, որ  շիիթ  «Հաշտի Շապի» խմբաւորումը Իրաքի մէջ կը կռուի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան  դէմ: