image

Թիֆլիսի մէջ բախումներ ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիրներու միջեւ

Թիֆլիսի մէջ բախումներ ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիրներու միջեւ

Թիֆլիսի մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ:Թիֆլիսի քաղաքապետարանին մօտ ոստիկանութեան եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ակքթիւիստներուն միջեւ բախումներու ընթացքին ութ անձ ձերբակալուած է, յայտնած է «Ազատութիւն»ը:

Աքթիւիստներու բողոքը կապուած է կեդրոնական Ազատութեան հրապարակին վրայ գտնուող հողակտորը միլիառատէր Պիծինա Իւանիշվիլիին հետ կապուած ընկերութեան յանձնելու իշխանութիւններուն որոշման հետ։

Բախումները սկսած են, երբ ոստիկանութիւնը հրաժարած է քաղաքային խորհուրդի նիստերու դահլիճ թոյլ տալ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Վրաստանի խորհրդարանի անդամներուն: Սահմանադրութեան համաձայն, անոնք կրնան մասնակցիլ տեղական ներկայացուցչական մարմիններու նիստերուն «խորհրդակցական ձայն»ի իրաւունքով: Բայց Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի նախագահը յայտարարած է, որ յատուկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի որոշուէր Իւանիշվիլիի ընկերութիւններէն մէկուն 7-աստղանի հիւրանոցին մէջ կայանատեղիի կառուցման համար հողակտորը փոխանցելու հարցը, փակ պիտի ըլլայ:

Ընդդիմադիր պատգամաւորները փորձած են ճեղքել ոստիկանական շղթան իրենց աջակիցներու օգնութեամբ, բայց ոստիկանութիւնը տեղի չէ տուած եւ քանի մը աքթիւիստ ձերբակալած է:

Հակառակ քաղաքային խորհուրդի ընդդիմադիր պատգամաւորներու բողոքներուն, «Վրացական երազանք» կուսակցութենէն իշխող մեծամասնութիւնն այնուամենայնիւ հաստատած է ընկերութեան հողակտորի փոխանցման մասին որոշումը, յայտարարելով, որ այն անհրաժեշտ է հազարաւոր նոր աշխատատեղեր ստեղծելու համար:

Ընդ որում, 1900 քառակուսի մեթր տարածքը փոխանցուած է ընկերութեան 1 լարիի դիմաց: