image

Հալէպ. ՄԱԿ-ի հովանիով գործող՝ երեխաներու հիւանդանոցային բաժնի բացում

Հալէպ. ՄԱԿ-ի հովանիով գործող՝ երեխաներու հիւանդանոցային բաժնի բացում

Հալէպի համալսարանի հիւանդանոցին մէջ մանկական բաժին բացուած է, ուր բուժում պիտի ստանան հիւանդ երեխաներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող ֆէյսպուքեան էջը, նշելով, որ բացումը երէկ կատարած են Հալէպի նահանգապետ Պրն. Հիւսէյն Տիապ եւ Սուրիոյ մէջ Եունիսէֆ-ի ներկայացուցիչ Ֆրան Էյքուիզա:

 

Բաժինի բացումը իրականցուած է հիւանդանոցի կառավարման մարմնի եւ Եունիսէֆ-ի համագործակցութեամբ: Նահանգապետը շրջած է բաժնէն ներս, այցելած հիւանդներուն  եւ առողջութիւն մաղթած անոնց:

 

Հիւանդանոցի տնօրէն բժիշկ Իպրահիմ Հատիտ նշած է, որ վերապատրաստուած եւ ամբողջապէս վերականգնուած են բաժնի 23 սենեակներ, որոնք կը պարունակեն 40 անկողին: Պատրաստուած են նաեւ երկու դահլիճներ, որոնք պիտի օգտագործուին դասախօսութիւններ, գիտական հետազօտութիւններ կայացնելու  համար:

 

Նշենք, որ այս ծրագիրը ֆինանսաւորուած է Եունիսէֆ-ի կողմէ եւ մաս կը կազմէ  ՄԱԿ-ի   Սուրիոյ մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներուն: