image

Հալէպցիներու հնարամտութիւնը. Գործածութեան պիտի դրուին վերանորոգուած հանրակառքեր

Հալէպցիներու հնարամտութիւնը. Գործածութեան պիտի դրուին վերանորոգուած հանրակառքեր

Հալէպի Ալ-Ռամուսէ շրջանին մէջ ամբողջութեամբ քանդուած հանրակառքեր վերանորոգուած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող ֆէյսպուքեան էջը, նշելով, որ համարեայ ոչինչէն վերանորոգուած այս հանրակառքերը «իրենց որակով կը մրցակցին քոյր երկիրներէն ներմուծուող հանրակառքերուն հետ»:

 

Կը նշուի, որ այս հանրակառքերը վերանորոգուած են Ռամուսէի Ալ-Հաժ Իպրահիմի աշխատանոցին մէջ, ուր գործադրուած է մեծ ջանքեր եւ փորձառութիւն:

 

Ֆէյսպուքեան էջը կոչ կ'ընէ Հալէպի նահանգապետին եւ քաղաքային խորհուրդի նախագահին այցելել եւ աչքով տեսնել «այն ինչ, որ  բառերով նկարագրելի չէ»: