Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ Եղիկ Չափարեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:
Հայորդին իր մահկանացուն կնքած է յետ կարճատեւ եւ անողոք հիւանդութեան: Ան ծնած էր ՊԷյրութ 1988-ին:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած է երէկ, Պուրճ Համուտ հայաշատ շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն:
«Արեւելք» այս տխուր առթիւ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ երիտասարդի ընտանեկան պարագաներուն եւ ընկերներուն: