image

«Մեծ եղբայր եւ օգտակար ընկեր բոլորին». Պէյրութի մէջ մահացած է Շանթ Օհանեանը

«Մեծ եղբայր  եւ  օգտակար ընկեր բոլորին».  Պէյրութի մէջ  մահացած է Շանթ Օհանեանը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  երիտասարդական շրջանակներուն  մօտ    «Տի. Ճէյ. Շանթ» անունով  ծանօթ    Շանթ  Օհանեանը: Երիտասարդ հայորդիին մահուան   լուրը   ստացանք  անոր  ընկերներէն:

Մեր ունեցած   տեղեկութիւններով, Շանթ Օհանեանը  վերջին ամիսներուն  կը տառապէր սրտի   անհանգստութիւնէ, որուն համար ալ    ենթարկուած է վիրաբուժական   գործողութեան:  Շաբաթ մը առաջ   Շանթի վիճակը ծանրացած է  եւ  ան    այսօր   հիւանդանոցի  սենեակին  մէջ աւանդած է    իր հոգին:

 Շանթ  Օհանեան  եղած է  աշխոյժ մէկ անդամը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտ շրջանի  մասնաճիւղին:

Հանգուցեալին մահուան  բօթը ստանալէ ետք  պէյրութահայ «Ռափ»  երգիչ  Ալպէրովիչ  իր Ֆէյսպուքեան    էջին  գրառում մը ընելով  ըսած է. «RIP Շանթ, մեծ եղբայր  եւ  օգտակար ընկեր  էիր բոլորիս, հոգիդ  լոյսերու մէջ մնայ»: