image

Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիութիւն ստացող սուրիացիներուն թիւը պիտի հասնի 50 հազարի

Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիութիւն ստացող սուրիացիներուն թիւը պիտի հասնի 50 հազարի

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց նախարարութեան հպատակագրման ծառայութիւններու գլխաւոր տնօրէն Սինան Քունար հաստատած էոր Սուրիոյ մէջ ծաւալած  պատերազմէն ասդին Թուրքիա 13 հազար սուրիացիներու հպատակութիւն շնորհած է: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը, նշելով,  որ ըստ թուրք պատասխանատուին «քաղաքացիութեան դիմորդներուն մեծ մասը կ'ուզեն Թուրքիա մնալ եւ ներդրում ընել այնտեղ», նշելովոր «Թուրքիան որոշ չափանիշեր հաստատած է՝ սուրիացիներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու վերաբերեալ»:

 

Ան նաեւ նշած էոր իր վարչութիւնը կը շարունակէ այս առումով իր աշխատանքները եւ յառաջիկայ օրերուն քննութեան պիտի դրուին 4500 դիմորդերու թղթածրարները:

Կը  նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացող սուրիացիներուն թիւը կրնայ հասնիլ 50 հազարի: