image

ԱՄՆ Սուրիոյ քրտական ուժերուն զինամթերքի նոր խմբաքանակ տրամադրած է

ԱՄՆ Սուրիոյ քրտական ուժերուն զինամթերքի նոր խմբաքանակ տրամադրած է

ԱՄՆ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թիկնազօրին զէնքի վաճառքն արգիլելէ ետք զէնքի մեծ խմբաքանակ ուղարկած է Սուրիոյ քրտական ուժերուն, զորս Անգարա ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարէ:

Ըստ թրքական «Sondakika.com» լրատուական կայքին, ԱՄՆ նախօրէին 120 բեռնատար ժամանակակից ռազմական տեխնիկա ուղարկած է Սուրիոյ մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կռուող Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերուն: Վերջինիս հիմնական մասը կը կազմեն Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ռազմական թեւը հանդիսացող Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը, զորս Անգարա կը համարէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական յայտարարուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան սուրիական թեւը:

Նշուած է, որ ուղարկուած զինամթերքի շարքին մաեւ կան զրահամեքենաներ, ականազերծող մեքենաներ, հրանօթներ, ջերմային եւ լայզրային կառավարուող հրթիռներ: Աղբիւրը յատուկ կերպով նշած է, որ ուղարկուած զինատեսակներուն մէջ կան նաեւ ռուսական արտադրութեան 12.7 մմ տրամագիծով գնդացիրներ ու ջերմադիտակներ, որոնք վերջերս յայտնուած էին նաեւ ՔԲԿ-ի զինանոցին մէջ:

ԱՄՆ առաջին անգամ Սուրիոյ քրտական ուժերուն նռնականետերու կրակի ու ականներու պայթումներու դէմ

պաշտպանական համակարգով յագեցած նորագոյն զրահամեքենաներ ուղարկած է:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրաժարած էր Թուրքիոյ նախագահ էրտողանի թիկնազօրին համար նախատեսուած զինամթերքի վաճառքի արտօնութեան նախագիծէն, այդ մասին պաշտօնապէս տեղեկացնելով Քոնկրէսին:

Էրեողան, արձագանգելով ԱՄՆ-ի որոշման, ըսած էր. «Մենք նոյնիսկ դրամով չենք կրնար ձեզմէ զէնք գնել: Եւ ուրեմն ինչու՞ դուք անվճար զէնք կը տրամադրէք այդ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն: Որպէս ռազմավարական դաշնակից, մենք շատ մտահոգ ենք, քանի որ չենք կրնար այս հարցին պատասխանը գտնել»: