image

Մաքրութիւն Հալէպի «Պապ ալ ֆարաժ» հրապարակի շուրջ

Մաքրութիւն Հալէպի «Պապ ալ  ֆարաժ» հրապարակի շուրջ

Հալէպի քաղաքային խորհուրդը համագործակցութեամբ Սուրիոյ ուսանողներու ազգային միութեան հետ, երէկ Հալէպի կեդրոնական փողոցներուն մէջ մաքրութեան մեծ աշխատանքներ սկսած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Հալէպի քաղաքային խորհուրդի ֆէյսպուքեան էջէն:

 

Աշխատանքներ իրականացուած են Պապ Ալ Ֆարաճի ժամացոյցի շրջակայքը, Ազգային գրադարանի փողոցի շրջանը, ուր իրականացուած է մայթերու վերանորոգումն ու մայթեզրերը ներկելու գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանի ընդհանուր մաքրութիւնը: