image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է տաղանդաւոր նկարչուհի Մարի Պալեանը.

Մահացած է տաղանդաւոր նկարչուհի Մարի Պալեանը.

Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տաղանդաւոր նկարչուհի Մարի Պալեանը:

Նշենք,որ Տիկին Պալեան այրին էր սաղիմահայ համայնքի ազգային դէմքերէն ՌԱԿ անդամ Սեդրակ Պալեանին:

Նկարչուհին, որ երկար տարիներ ստեղծագործած է Երուսաղէմի մէջ յաջողած է կարեւոր եւ բարձրագոյն դիրք գրաւել համայնքին մէջ տարածում ունեցող յախճապակեայ (Քէօթէհեայի գործ) սպասքներ կերտելու աշխատանքին մէջ:

Անոր մասին գրած եւ րէբորթաժներ պատրաստած են տեղի (իսրայէլեան եւ արաբական) լրատուական տասնեակ գործակալութիւններ, ինչպէս նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան հեռատեսիլի կայաններ:

 

Տիկին Մարիի վարկը յայտնի է նաեւ մայր հայրենիքի մէջ, ուր հայրենի լրատուական ծառայութիւններ եւս լայն կերպով անդրադարձած են անոր թողած աւանդին:

 

Լուրը ՝ «Հայ Ձայն»էն