image

Դամասկոս. Հայաստանէն շրջանաւարտ բժիշկները պսակի խորհուրդին արժանացան

Դամասկոս. Հայաստանէն շրջանաւարտ բժիշկները  պսակի  խորհուրդին արժանացան

Հայաստան  ուսանած  ե  որպէս բժիշկներ  շրջանաւարտ դարձած  երկու հայորդիներ  Փանոս եւ  Սեւան   Սուրբ  Պսակի  խորհուրդին արժանացած են Դամասկոսի մէջ:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Դամասկոսի իր աղբիւրէն, որ նաեւ  նշեց, թէ Սուրբ  Պսակի   խորհուրդը  կատարուած է Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդանիստ  Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ,  ներկայութեամբ  զոյգերու ազգականներուն եւ  շրջանակին:

 

Մեր տեղեկութիւններով,   բժիշկ  Փանոս  Արնէքեան      ներկայիս  կը պաշտօնավարէ  Սէուտական Արաբիոյ   մէջ, իսկ անոր  տիկինը՝ Սեւան Պօլաթեան  մանկաբոյժ  է   եւ  ցայսօր  կը   շարունակէր       աշխատիլ  Դամասկոսի մէջ: