Հայաստան ուսանած ե որպէս բժիշկներ շրջանաւարտ դարձած երկու հայորդիներ Փանոս եւ Սեւան Սուրբ Պսակի խորհուրդին արժանացած են Դամասկոսի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, թէ Սուրբ Պսակի խորհուրդը կատարուած է Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ զոյգերու ազգականներուն եւ շրջանակին:
Մեր տեղեկութիւններով, բժիշկ Փանոս Արնէքեան ներկայիս կը պաշտօնավարէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, իսկ անոր տիկինը՝ Սեւան Պօլաթեան մանկաբոյժ է եւ ցայսօր կը շարունակէր աշխատիլ Դամասկոսի մէջ: