Պէյրութի մէջ այսօր իր մահկանացուն կնքած է Տ. Մարտիրոս քհնյ. Պէրպէրեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Հանգուցեալը (աւազանի անունով՝ Մարտիրոս) վերջին տարիներուն հաստատուած էր Չինաստանի մէջ:
Յիշեցնենք, որ ան շրջան մը քահանայագործած է Մոսկուայի մէջ եւ ապա կարգալոյց յայտարարուելէն ետք հեռացած է Մոսկուայէն:
Հանգուցեալը որդին էր լիբանանահայութեան մօտ մեծ յարգանքի արժանած Նուպար սրկ. Պէրպէրեանին (հանգուցեալ), որ երկար տարիներ սեփականատէրն էր Պուրճ Համուտի «Արաքս» փողոցին վրայ գտնուող բոլորին յայտնի եւ գաղութի մտաւորականութեան կեդրոնատեղի հանդիսացած ՝ «Գրատուն Նուպար»ին: