image

Սուրիոյ ռազմական քարտէզին վրայ Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը ներկայացուած է Սուրիոյ կազմին մէջ

Սուրիոյ ռազմական քարտէզին վրայ Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը ներկայացուած է Սուրիոյ կազմին մէջ

Սուրիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի կազմած քարտէզին վրայ այժմու Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը ներառուած է Սուրիոյ տարածքին մէջՍուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութեան հրապարակած լուսանկարներուն մէջ պատկերուած էՍուրիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետըոր զինուորականներուն ինչ-որ բաներ ցոյց կու տայ այդ քարտէզին վրայ:

Ըստ թրքական «Haberler.com» լրատուական գործակալութեան15 Օգոստոսին հրապարակուած լուսանկարէն պարզ կը դառնայ, որ Սուրիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ զօր. Ալի Ապտուլլահ Էյուպ այցելած է 13 Օգոստոսին «ԻսլամականՊետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութենէն ազատագրած Ալ Սուխնա քաղաքը եւ հանդիպած քաղաքն ազատագրած զինուորականներուն հետ:

Քննարկման ժամանակ սեղանին դրուած ռազմական քարտէզին վրայ կ'երեւի, որ Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը ներառուած է Սուրիոյ կազմին մէջ: Քարտէզին վրայ Հաթայ կը ներկայացուի որպէս Սուրիոյ կազմին մէջ գտնուող ինքնավար մարզ:

Թրքական աղբիւրը սադրիչ անուանած է այս քայլը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ առաջին անգամ չէ, որ սուրիական քարտէզներուն մէջ կը ներառուի Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը, որ 1939 թուականին կցուած է Թուրքիոյ:

1939 թուականէն Սուրիոյ բոլոր պաշտօնական քարտէզներուն մէջ Հաթայ կը ներկայացուի որպէս Սուրիոյ տարածքի մէկ մաս:

Ալեքսանդրէտի սանճակը, Ալեքսանդրէթ  քաղաքին հարող մարզի նախկին անուանումն է (այժմ Թուրքիոյ Հաթայ նահանգը)։

Որպէս   Սուրիոյ  մէկ մաս, Ալեքսանդէթ (պատմականօրէն Սանճաք) 1915-1918 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ էր։ 1918 թուականի Նոյեմբերին այն գրաւած են անգլիացիները, յետոյ՝ ֆրանսացիները։ Այստեղ կը գտնուի Մուսա  լեռը, ուր 1915 թուականի Յուլիս-Սեպտեմբեր ամիսներուն տեղի ունեցած է հայերու ինքնապաշտպանական հերոսամարտը։ 1920 թուականին Ալեքսանդրէտի սանճակը մտցուած է Ֆրանսայի մանդատին յանձնուած Սուրիոյ կազմին մէջ։

 

1937 թուականէն, ձեւականօրէն մնալով Սուրիոյ կազմին մէջ, Ալեքսանդրէթ-Սանճաքը անցածէ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ համատեղ հսկողութեան տակ։ 1938 թուականին այստեղ ստեղծուած է Հաթայի ինքնավարութիւնը։ 1939-ի Յունիսին վերջինս միացուած է Թուրքիոյ։ Տեղի հայ բնակչութիւնը (մօտ 40 հազար) 16-23 Յուլիսինհեռացած է եւ հաստատուած Սուրիա եւ Լիբանան։ Հեռացած է նաեւ 20 հազար արաբ։ Սուրիա չի ճանչնար այդ կցումը։