image

Նշան Փիրումեան պիտի մեծարուի հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ

Նշան Փիրումեան պիտի մեծարուի հայ կրթական հիմնարկութեան կողմէ

«Երբ այցելեցի իմ մեծ հօր ծննդավայրը՝ Իսահակեան գիւղը, նկատեցի աւելի քան 100 աշակերտներ ունեցող դպրոցին խղճալի վիճակը։ Անիկա կարիքը ունէր ամողջական նորոգութեան։ Վերադարձիս դիմեցի Նշանին, որ շինարարներու հետ այցելեց դպրոցը եւ վերջնականացուց նորոգութեան համաձայնագիրը։ Կրցայ ծրագիրին իրականացման համար բաւարար գումար ապահովել Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ։ Տայանն ու ես խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Նշանին, որ իր անսակարկ նուիրումով յաջողութեամբ կրցաւ իրականացել այս ծրագիրը, եւ յատկապէս ուրախ ենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը մեր բնակարանին մէջ պիտի մեծարէ զայն», կը յայտնէ Էլ Քապրալոֆ, որ անդամ է Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան եւ եղած է անոր նախագահը։

 

Նշան Փիրումեան ծանօթ անձանաւորութիւն մըն է գաղութին մէջ՝ ըլլալով շարք մը կազմակերպութեանց անդամ, ներառեալ՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբին եւ Ամերիկահայութեան թանգարանին։

 

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը մեծապէս երախտապարտ է Նշան Փիրումեանի մատուցած անձնուէր սպասարկութիւններուն համար, որոնք անսահմանօրէն նպաստած են հիմնարկութեան ծրագիրներու իրականացման։

 

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու։ Անոր գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aefweb.org կայքը, կամ դիմել aef@aefweb.org հասցէին ու (818) 242-4154 թիւին։

 

Թղթակցութիւնը՝ հիմնարկութենէն)