image

Այսօր Արա Կիւլէրի ծննդեան օրն է. Ան դարձաւ 89 տարեկան

Այսօր Արա Կիւլէրի ծննդեան օրն է. Ան   դարձաւ  89   տարեկան

Պոլսահայ  լուսանկարիչ,  «Իսթանպուլի աչք»  Արա Կիւլէր ծնած է Պոլիս, 1928-ին: Ան իր ուսումը ստացած է Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանը, ապա անցած է Կեդրոնական, որ աւարտած է 1951-ին։ Առաջին գրութիւնը գրած է թրքերէնով, որ լոյս տեսած է «Ենի Իսթանպուլ» թերթին մէջ։ 1950-ին իր «Կաղանդի Տարօրինակ Գիշեր Մը» պատմուածքը արժանացած է մրցանակի, եւ ան դասուած է թուրք լաւագոյն նորավիպագիրներու շարքին։ Հայ գրական կալուածէն ներս կը մտնէ «ժամանակ» օրաթերթի միջոցաւ, եւ կու տայ պատմուածքներ «Սան», «Ճառագայթ» եւ «Հանդէս Մշակոյթի» պարբերականներուն եւ «ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերու գրական էջերուն մէջ։ Արա Կիւլէր անունը այսօր ժամանակակից թուրք լուսանկարչական շրջանակներէն անցած է համաշխարհային լուսանկարչութեան պատմութեան։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր զինք կը նկատեն աշխարհի մեծագոյն վարպետներէն, որուն գործերը կը հրատարակուին մեծագոյն հանդէսներու ( Time-Life, Paris match, der stern, Photography Annual եւ այլն) մէջ։ Անդամ նշանակուած է բազմաթիւ համաշխարհային լուսանկարչական միութիւններու։ Արժանացած է Leica-ի վարպետ տիտղոսին։
 
Իր հայերէն պատմուածքները 1955-ին հրապարակուած են «Բաբելոնէն Վերջ Պիտի Ապրինք» խորագիրով։ Իսկ յաջորդ տարին հրատարակուած են նոյն հատորին թրքերէն թարգմանութիւնը եւ իր թրքերէնով գրած պատմուածքները։ Լուսանկարչական արուեստի լաւագոյն նմուշները նկատուող իր լուսանկարները հրատարակուած են 20-է աւելի մեծածաւալ ու շքեղ ալպոմներու մէջ։ Անոնցմէ յիշատակելի կը մնան հանրածանօթ ճարտարապետ Սինանի, համաշխարհային հռչակ վայելող գրողներու եւ արուեստագետներու, եւ հին Իսթանպուլի նուիրուած գեղատիպ հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ 1990-ին, Երուանդ Կոպէլեանի եւ Սարգիս Սերովբեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած է «Արա Կիւլէր Ոսպնեակէն Հայ Գրողներ»  խորագրեալ հատորը, որ կը պարփակէ իսթանպուլահա յգրողներու լուսանկարներն ու կենսագրական տուեալները։ Իր 1997-ին թրքերէն լեզուով հրատարակած «Լուսանկարներով Անատոլուի Պատմութիւնը», բեմականացած է ՄէհմէտԷսատօղուիի կողմէ, «Արայի Անատոլուի Դիւցաներգութիւնը» խորագրով։ Ստացած է 100-էաւելի մրցանակ եւ «Դարաշրջանի Լուսանկարիչ» տիտղոսը։
 
Կիւլէրի հրատարակած գործերն են. «Բաբելոնէն Վերջ Պիտի ապրինք» Պոլիս  1995
Babilden sonra Yasayacagiz (թրքերէն, թարգմանութիւն՝ Սիրվարդ Մալխասեանի)-Պոլիս , 1996։ Բ. տպագրութիւն,2000)։