image

Վանի ազգային հագուստի նմոյշները պիտի ցուցադրուին Պոլսոյ մէջ

Վանի  ազգային հագուստի նմոյշները պիտի ցուցադրուին Պոլսոյ   մէջ

Վանի հայութեան ազգային հագուստի նմոյշները պիտի ցուցարուին Պոլսոյ մէկուն մէջ:

Տարազներու հաւաքածոն պատրաստած է պոլսահայ արուեստագէտ եւ ազգագրագէտ Ժուլիա Մութլուն:

Թուրք լուսանկարիչ Այթաչ Սելչուկը տարազներու նմոյշները, պիտի ցուցադրէ  դեկտեմբերին, լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը ընթացքին: Լուսանկարներու մէջ տարազները կրողները Վանի ներկայ բնակիչներն են:

Լուսանկարիչը յայտնած է, որ կան մարդիկ, որոնք չեն համաձայնած լուսանկարուելու հայկական տարազով, սակայն մեծ մասամբ դժուարութիւններ չեն յառաջացած:

Այս ծրագիրէն ետք, որոշուած է նոյն ծրագիրը իրականացնել Փոքր Ասիոյ այլ ժողովուրդներու՝ քիւրտերու եւ  եզտիներու մասնակցութեամբ: