image

«Կանայք կապիկները կ’օգտագործեն պիղծ գործերու համար».Կապիկներու «ջարդ»ին պատմութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ

«Կանայք կապիկները կ’օգտագործեն պիղծ գործերու համար».Կապիկներու «ջարդ»ին պատմութիւնը Օսմանեան  կայսրութեան  մէջ

Թրքական haberler.com լրատուական  կայքը  հաղորդած է, որ  Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ 3-րդ կայսրի գահակալութեան շրջանին  (1574-1895), տեղի ունեցած է կապիկներու կոտորած:

Այդ շրջանին սուլթանը ունէր սիրելի կրօնաւոր մը  (մոլլա), որ կը կոչուէր Ապտուլ Քերիմ:  Ապտուլ Քերիմ կ’ատէր կապիկները, որոնք տարածուած էին Պոլսոյ մէջ, Հիւսիսային Ափրիկէ կատարուած արշաւներէն ետք:

Օր մը կրօնական քարոզի ժամանակ մոլլան կը յայտարարէ թէ կանայք քաղաքի տարածուած կապիկները կ’օգտագործեն պիղծ գործերու համար: Այս յայտարարութենէն ետք, աղօթքի հաւաքուած բազմութիւնը դուրս կ’ելլէ մզկիթէն եւ կ’ոչնչացնէ իր դիմաց յայտնուած բոլոր կապիկները:

Պատմաբաններու վկայութեամբ, մոլլան իր ձեռքով կապիկները կախաղան բարձրացուցած է: Պոլսոյ մէջ չէ մնացած ծառ մը, որուն ճիւղէն կապիկ  չեն  կախած: 

Ժողովուրդը այս մոլլան կոչած է «մայմունքէշ»: Կը պատմուի, որ մոլլայի մահէն ետք կենդանակերները մեծ տօն կազմակերպած են:

Նշենք, որ այս մոլլան թշնամական վերաբերմունք ունէր նաեւ ոչ  իսլամներու նկատմամբ եւ անոնց կը պարտադրէր, որ հագնին կարմիր եւ սեւ հագուստներ, որոնք ստորացուցիչ կը համարուէին: