Հալէպի վերականգնողական աշխատանքներու ծիրէն ներս, կարեւոր թափ ստացած են քաղաքի հիմնական ճանապարահներու վերակառուցողական աշխատանքները: Կը փոխանցուի, որ պատկան մարմիններ մշակած են ծրագիր մը, որուն հիմնա վրայ պիտի վերակառուցուի եւ ասֆալթապատուի 500 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող ճանապարհային կենսական համարուող ցանց մը: ասֆալթապատումը։ Պատկան մարմինները խոստացած են, որ աշխատանքները պիտի շարունակուին ընդգրկելով տարբեր հատուածներ եւ հիմնական նպատակ դրուած է ապահով եւ տանելի դարձնել դէպի Հալէպ տանող հիմնական բոլոր ճանապարհները: