image

Հալէպ. Դպրոցներու վերաբացման օրը արդէն յստակ է

Հալէպ. Դպրոցներու վերաբացման օրը արդէն յստակ է

Սուրիոյ կրթութեան նախարարութիւնը յայտարարած է թէ 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի   վերամուտի օրն է 6 Սեպտեմբերը:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է Հալէպի  մասին տեկեղութիւն  հաղորդող   դիմատետրի էջեր, որոնք նշած են,  թէ Հալէպի բոլոր դպրոցները իրենց բոլոր   բաժանմունքներով (մանկապարտէզ - երկրորդական)  իրենց դռները պիտի վերաբանան  6 սեպտեմբերին:

 Կը  փոխանցուի նաեւ, որ վարժարաններու   ուսուցչական  կազմերն  ու աշխատակազմերը յառաջիկայ  27 օգոստոսէն սկսեալ  պէտք է ներկայանան իրենց վարժարանները  ստանձնելու  համար իրենց պարտաւորութիւնները:

 Այս  յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած են  նաեւ Հալէպի հայկական  բոլոր վարժարանները: