image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Ընկերային գրառումներուն համար 1 շաբթուան ընթացքին ձերբակալուած է 152 անձ

Թուրքիա. Ընկերային   գրառումներուն համար 1 շաբթուան  ընթացքին  ձերբակալուած  է 152 անձ

Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, երկրին մէջ 1 շաբաթուան ընթացքին սոցիալական ցանցերու մէջ կատարած գրառումներու հետեւանքով ձերբակալուած է 152 անձ:
Նշուած է, որ մէկ շաբթուայ ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ ուսումնասիրուած է սոցիալական ցանցերու 2703 օգտատիրոջ հաշիւ: Անոնցմէ 1264-ի ինքնութիւնը պարզուած է, որոնցմէ 152-ը ձերբակալուած է:
Թուրքիոյ ՆԳ նախարարութիւնը տակաւին չէ յայտնած, թէ ձերբակալուածներէն քանին կալանաւորուած է:
Նշուած է, որ վերոնշեալ օգտատէրերը ձերբակալուած են «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն իրականացնելու», «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունենալու ու անոր մասին յայտարարելու», «ժողովուրդը ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան դրդելու», «բարձրագոյն պետական պաշտօնեաներ վիրաւորելու» «պետութեան ամբողջականութեան եւ հանրութեան անվտանգութեան սպառնալու» եւ «ատելութիւն սերմանող արտայայտութիւններ կիրառելու» մեղադրանքով: