image

Ռուսիոյ մեծագոյն նաւթարտադրիչ ՝ «Լուքօյլ» մտադիր չէ ծաւալել իր գործունէութիւնը Թուրքիոյ մէջ

Ռուսիոյ  մեծագոյն նաւթարտադրիչ ՝ «Լուքօյլ»  մտադիր չէ  ծաւալել իր գործունէութիւնը Թուրքիոյ մէջ

Ռուսական «Լուքօյլ»   նաւթային եւ ուժանիւթի ընկերութեան մատակարարման ու վաճառքի պատասխանատու Վատիմ Վորոպիովյայտարարած է, որ իրենց ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ նաւթային պաշարներով, սակայն մօտակայժամանակներս խոշոր ծրագիրներ պիտի չիրականացուին:
Ըստ թրքական «Ahaber» լրատուամիջոցին, անոր խօսքերով, Թուրքիոյ ուժանիւթի պաշարները  «Լուքօյլ»   ի համար ունին ռազմավարական նշանակութիւն:
Վորոպիով նշած է, որ 2000 թուականէն մինչեւ 2010 թուական  թրքական շուկային մէջ աշխատիլը աւելի ձեռնտու էր, քան Եւրոպական շուկան: Բայց յետոյ ընկերութեան օգուտներու ծաւալները  Թուրքիոյ մէջ  նուազեցան, բան մը, որ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ իրենց վրայ: Այդ մէկը պայմանաւորուած էր առաջին հերթին նիւթական ճգնաժամով: 
«Կը կարծեմ, որ ճգնաժամի պատճառով յառաջիկայ 3-4 տարիներուն պիտի չմեծցնենք մեր գործունէութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Բայց մանրածախ վաճառքի հարցին մէջ պատրաստ ենք համագործակցիլ Թուրքիոյ մէջ գործող ընկերութիւններու հետ: Թուրքիոյ նաւթային պաշարներու շուկան մեզի համար ռազմակավարական կարեւորութիւն ունի: Ընկերութիւնը թրքական շուկայի մէջ ունեցած իր չափաբաժին աւելացնելու համար շարունակաբար տարբերակներ կ'ուսումնասիրէ»,- նշած է Վորոպիով:
Վերջինս նշած է նաեւ, որ թրքական շուկայի մէջ գործող ընկերութիւններուն հետ համագործակցելեու հարցը քննարկուած է Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան (SOCAR) հետ: