image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիրի հայերը այս տարի եւս զրկուած են Սուրբ Պատարագի մասնակցելու առիթէն

Տիարպէքիրի հայերը այս տարի եւս զրկուած են Սուրբ  Պատարագի մասնակցելու   առիթէն

Այս տարի ալ Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին Տիարպէքիրի հայերը չեն կրցած մտնել Ս.  Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որովհետեւ իշխանութիւնը չէ հանած տարածքը մտնելու արգելքը եւ չէ բացած եկեղեցւոյ դռները:

Այս մասին լուրը կը փոխանցէ  քրտամէտ «Տէմոքրաթ. Հապէր» կայքը, որ նաեւ կը նշէ, թէ որ թուրք-քրտական բախումներու կիզակէտը գտնուող Սուր պատմական թաղամասի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ենթարկուած է աւերածութեան։ 

Տիարպէքիրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Փարամազ Մերճան  այս առփիւ ըսած է  ըսած է. «Մենք կ'ուզէինք մեր եկեղեցին մտնել, այնտեղ նշել տօնը, սակայն նահանգապետարանը թոյլ չտուաւ: Ըսին՝ «Անվտանգութեան երաշխիք չկայ»։ Մենք գիտենք, որ դիտաւորեալ կ'ըսեն եւ թոյլ չեն տար, որ մեր աւանդութիւնները պահպանենք»։  
 Կը փոխանցուի, որ   տեղի  հայերը տօնը նշած են  քիչ մը հեռու գտնուող  ասորական Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: