image

70 հազար Սուրիացի ուսուցիչներ լքած են իրենց ասպարէզը

70  հազար  Սուրիացի  ուսուցիչներ  լքած են իրենց ասպարէզը

«Պատերազմին  հետեւանքով  եւ իրենց ապրած շրջաններուն  մէջ ստեղծուած բարդ  իրավիճակներուն  պատճառով աւելի քան  70   հազար ուսուցիչ  հեռացած են  իրենց   պաշտօնէն»  նման  յայտարարութեամբ հանդէս  եկած է  Սուրիոյ ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նայէֆ Թալէպ  Ալ Հարիրի:   Հարիրի նաեւ ըսած է, որ իրենց ասպարէզէն հրաժարած ուսուցիչներու  մեծ  տոկոսը  ստիպուած  եղած է  երկրէն  հեռանալ:   Ան խօսելով «Ալ Ուաթան»   պարբերականին նկատել տուած  է, որ ներկայիս  Սուրիոյ մէջ  կը գործեն  350  հազար ուսուցիչներ, մինչ պատերազմէն առաջ  անոնց թիւը կը հասնէր 420 հազարի:

 

 Նայէֆ Ալ Հարիրի  յոյս  յայտնած է, որ    Սուրիոյ ընդհանուր  իրավիճակին  բարելաւման   հետ    երկրէն   հեռացած  ուսուցիչներ դարձեալ   իրենց պաշտօններուն   պիտի վերադառնան: