image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. 6 տարուան ազատազրկում Ռուսաստանի քաղաքացիին

Թուրքիա.  6 տարուան  ազատազրկում Ռուսաստանի  քաղաքացիին

Թուրքիոյ Ատանա քաղաքը գտնուող Ինճիրլիք ռազմակայանի ամերիկեան ինքնաթիռին եւ տեղի ալեւիական միութիւններուն վրայ յարձակում ծրագրելու մէջ մեղադրուող Ռուս քաղաքացի Ռենաթ Պաքիեւ, դատապարուած է 6 տարի 3 ամիս ազատազրկման:


Ինչպէս կը հաղորդէ «CNNTurk» լրատուամիջոցը, որոշումը կայացուցած է Քիլիսի ծանր յանցանքներու դատարանը: 

Ան կը մեղադրուի նաեւ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու մէջ:

Աղբիւրը նշած է, որ ան կալանաւորուած էր Թուրքիոյ սահմանամերձ Քիլիս նահանգին մէջ, երբ փորձած էր Սուրիայէն մուտք գործել Թուրքիա: