image

Թրքական «TUSAŞ» ընկերութիւնը տեղական ինքնաթիռ պիտի արտադրէ

Թրքական «TUSAŞ» ընկերութիւնը տեղական ինքնաթիռ պիտի արտադրէ

Թուրքիոյ օդուժի եւ տիեզերագնացութեան արդիւնաբերական ընկերութեան (TUSAŞ) գլխաւոր տնօրէն Թեմէլ Քոթիլ յայտարարած է լիովին տեղական ինքնաթիռի արտադրութեան նախագիծի մասին: Թրքական «Haber7.com» լրատուական կայքին համաձայն, «HÜRJET» անունը կրող ինքնաթիռը նախագծուած է աւելի վաղ «TUSAŞ»ի կողմէ արտադրուած «HÜRKUŞ» ուղղաթիռի նմանութեամբ:


Քոթիլ տեղեկացուցած է, որ իրենք ինքնաթիռի արտադրութեան նոր նախագիծին վրայ համատեղ աշխատելու առաջարկով արդէն դիմած են «Boeing» ընկերութեան եւ պատասխան կը սպասեն: «TUSAŞ »ի գլխաւոր տնօրէնը աւելցուցած է նաեւ, որ «HÜRKUŞ», «ANKA», «T-625» ուղղաթիռներու եւ նմանատիպ իւրօրինակ նախագիծեուի օգնութեամբ ընկերութիւնը կը նախատեսէ տարեկան 25 տոկոս աճ գրանցել:

«Սեփական միջոցներով սկսած ենք «HÜRJET»-ի նախնական աշխատանքները, որ «HÜRKUŞ»ի ինքնաթիռային տարբերակն է: Ասոնք լիովին թրքական արտադրութիւն են: Յունիսին Թուրքիոյ օդուժին 15 «HÜRKUŞ» ուղղաթիռ պիտի յանձնենք: «HÜRJET»ի աշխատանքներն ալ արդէն սկսած ենք: Թուրքիոյ հակաօդային պաշտպանութեան հրամանատարութիւնը կամ ռազմարդիւնաբերական քարտուղարութիւնը տակաւին այս ինքնաթիռին համար պատուէր չեն տուած», - նշած է Քոթիլ: