image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ մաքրութեան աշխատանքները կը շարունակուին

Հալէպի մէջ մաքրութեան  աշխատանքները կը շարունակուին

Հալէպի ազատագրումէն ետք կատարուող բարեկարգումներու ծիրէն ներս,  օրերս տեղի ունեցաղ է  «Պապ ալ Ճընէյն» թաղամասի շուկայի անօրէն կրպակներու տեղափոխումը եւ անոր արդիւնքով առաջացած փլատակներու քարերու, հողերու եւ աղբերու մաքրութիւնը:

 

 Յիշեցնենք, որ  Հալէպի   կեդրոնական հատուածներուն մէջ  պատերազմական գործողութիւններուն   աւարտէն  ետք  քաղաքի նահանգապետարանը     տարբեր միջոցներ կը գործադրէ  մաքրելու  համար պատերազմի հետքերը, ինչպէս նաեւ վերջ տալու   պատերազմին հետեւանքով կարգ մը  թաղամասերու մէջ երեւելի դարձած ապօրինութիւնները: